2010-03-26 13:57:11

Էջ մը հայ երաժշտութենէն`


Իլիա Մինասեան անուանի երաժիշտ՝ ու Տըլէ Եամանի Ասպետը։
Շուիահար Իլիա Մինասեան ունի ֆոլքլորային իր նուագարանին տիրապետելու կատարեալ կարողութիւն։ Անոր շուիի յուզաթաթախ հնչիւնները կը նմանէին սոխակի դայլայլին։
Աւելի քան յիսուն տարի Իլիա Մինասեանը անմնացորդ նուիրումով կը ծառայէ հայ մշակոյթին։
Ծնած է 1929-ին, Երեւանի մէջ, կարսեցի ծնողներէ։ Փոքր հասակէն լսած է տուտուկահար Մարգար Մարգարեանի նուագը։ 10 տարեկանին յաճախած է, թառահար Միքայէլ Չաղալեանի ղեկավարած ժողգործիքներու խմբակը, եւ սորված՝ թառ նուագել։ Շուտով Լեւոն Մադոյեանի մօտ սորված է տուտուկ նուագել եւ այս վերջինը 16-ամեայ Իլիա Մինասեանը ընդունած է իր ղեկավարած՝ ժողգործիքներու համոյթին մէջ։ Այնուհետեւ, 1948-էն աշխատած է Գուրգէն Միրզոյեանի ղեկավարած՝ ժողգործիքներու համոյթին մէջ։
Մասնակցած է Մոսկուայի մէջ կայացած հայ արուեստի եւ գրականութեան երկրորդ տասնօրեակին (1956)թ։
Աւարտած է Երեւանի համագործակցական հիմնարկը, պետական համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքը ու Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկը։ Հայաստանի ռատիոյի մէջ կը պահուին երաժիշտի բազմաթիւ ձայնագրութիւնները։ Ձայնագրած է երկու լէյզըր ձայնասկաւառակ։ 1976-էն ղեկավարած է մանկավարժական հիմնարկի, իսկ 1980-էն՝ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շուիի մասնագիտական դասարանները։ 1961-ին արժանացած է Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման։
Ըլլալով Հայֆիլհարմոնիայի մենակատար շուիահարը, 6000-է աւելի ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի բոլոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, իր երգացանկը ընդգրկած է հայ ժողովրդական մեղեդիներ ինչպէս նաեւ հայ եւ արեւմտա-եւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններ։
Իլիա Մինասեան առաջիններէն է, որ շուին բարձրացուց բեմ՝ ներկայացնելով որպէս մենանուագային նուագարան։ Իր գործունէութեան կարեւոր մասը կը կազմեն արտասահմանեան շրջագայութիւնները։ Եղած է աշխարհի 75 երկրներ, ներկայացուցած հայ երաժշտութիւնը, միաժամանակ՝ իր ժողովուրդի պատմութիւնը։
Հայազգի Իլիա Մինասեան յուզականօրէն կը ներկայացնէր յատկապէս հովուական բնոյթի մեղեդիները. իր նուագին բնորոշ էին անմիջականութիւնն ու զգացումներու պարզութիւնը։
Մինասեանի արուեստը բարձր գնահատած են ՜՜ Արամ Խաչատրեան, Գոհար Գասպարեան, Ալեքսանդր Յարութիւնեան, Էդուարդ Միրզոյեան եւ ուրիշներ։
Իսկ Ուիլիըմ Սարոյեան, հիանալով շուիահարի նուագով, ըսած էր ՜՜ Դուք Տըլէ եամանի ասպետն էք՝՝։ Իսկ Արամ Խաչատրեան իր մասին գրած էր ՜՜ Սիրելի Իլիւշա դու շատ տաղանդաւոր մարդ ես, շնորհակալութիւն քեզ քո արուեստի համար՝՝։
Տաղանդաւոր շուիահար՝ Իլիա Մինասեան արժանացած է տարբեր մրցանակներու՝ չորս ոսկէ մետալ, բայց ամենա-արժէքաւորը ինք կը համարէր ՜՜առաջին հանրապետական երիտասարդական փառատօնին ստացած՝ ոսկէ մետալը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.